2016-03-21 08:30:00

Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի քառասնորդացի պատգամը` գաղթականութիւն եւ ողորմութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ձեռք տալ այն գաղթականներուն որոնք պատերազմէն փախուստ տուած են եւ բոլոր անոնց որոնք նիւթական դժուար պայմաններուն մէջ կը գտնուին տնտեսական տագնապին պատճառաւ, այս է լաւագոյն ճամբան ապրելու քառասնորդացը ապաշխարութեան ու զոհողութեան հոգիով'', կը գրէ Բարթողոմէոս պատրիարքը, օրթոտոքս եկեղեցւոյ քառասնորդացի պատգամին մէջ, որ սկիզբ կ՛առնէ 20 Մարտ 2016-ին եւ որուն այս տարուայ Սուրբ Զատիկը կը զուգադիպի մէկ Մայիսին։

Պատգամին մէջ Բարթողոմէոս Պատրիարքը կը բացայայտէ քառասնորդացի աւանդական ծոմապահութեան նշանակութիւնը. ''ապաշխարութեան ճամբով ու արցունքի բիւրեղացումով դարձեալ կը զգեստաւորուինք Աստուծմէ  հիւսուած սկզբնական զգեստով''։

Պատրիարքը ապա կը յիշեցնէ որ լոկ նիւթական ծոմապահութեամբ չենք կարող ընդունիլ Աստուծոյ առատ շնորհքները, ու կը մէջբերէ Եսայի մարգարէի բերնով արտասանուած Տիրոջ Խօսքը ''եթէ դուք ծոմ կը պահէք հակառակութեան եւ կռիւներու մէջ եւ կը բռնցքահարէք տկարին, իմ ինչի՞ն է պէտք այդպիսի ծոմապահութեան օրը''։

Բարթողոմէոս Պատրիարքը հուսկ կը հրաւիրէ որ ձեռք տանք ընչազուրկներուն ու գաղթականներուն եւ այսպէսով` մինչ ծոմապահութիւն կը կատարենք, մարդասէր ու զօրավիգ ըլլանք մեր կարօտեալ գաղթական եղբայրներուն հետ, որոնք պատերազմի բերումով պարտաւորուեցան տուն, հող եւ ինչքեր ձգել ու հեռանալ իրենց հօրենական հողերէն եւ այսօր իրենց ''գլուխը հանգչեցնելու տեղ չունին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.